2013-06-20 14:51:22

Գերապայծառ Լուիճիի Դրավալիինոյի Զեկոյցը ֆԱՕ` ՄԱԿի Պարենամթերային Եւ Գիւղատնտեսական Կազմակերպութեան 38-րդ Նիստին։


Հռոմի մէջ ներկայիս տեղի կ'ունենայ ՄԱԿի պարենամթերային եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութեան 38-րդ նիստը։ Գերապայծառ Լուիճի Դրավալիինօ որպէս Ս. Աթոռի պատուիրականութեան գլուխ, չորեքշաբթի 19 յունիսին, իր արտասանած զեկոյցին մէջ գնահատեց վերոյիշեալ կազմակերպութեան տածած աշխատանքը ի խնդիր հողագործութեան բարգաւաճումին ու սննդառարութեան ապահովութեան։ Մինչ համաշխարհային տնտեսութիւնը տագնապի մէջ կը գտնուի հոս կ'ուզենք մեր քաջալերանքը ուղղել հողագործութեան, ծառամշակոյթի ու ձկնորսորդութեան մարզերու մէջ իրաագործուած աշխատանքներուն համար, հրաւիրելով ազգերու պատասխանատուները իրենց յատուկ ու գործօն նպաստը տալու սնունդի մարզին, որպէսզի ՄԱԿի պարենամթերային եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութիւնը կարենայ ազդուօրէն գործել եւ աւելի անդորրութեամբ ու վստահութեամբ դիտէ ապագան։ Ս. Աթոռին համար - ըսաւ առաքելական դեսպանը - պարենամթերքը գլխաւորութիւն մըն է եւ յառաջիկայ տարին` ֆԱՕ-ը մտադիր է նուիրել ''գիւղացի ընտանիքին''։
Կաթողիկէ Եկեղեցին մշտատեւ ուշադրութիւն ու տրամադրութիւն ցոյց կու տայ համագործակցելով ''հողագործութեան'' աշխարհին հետ իր բոլոր ոյժով ու կառոյցներով , ինչպէս նաեւ իր ունեցած ընկերակցութիւններու փորձառութեամբ։
Ելոյթին աւարտին առաքելական դեսպանը ներկաններուն յիշեցուց որ Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպումը տեղի կ'ունենայ ճիշտ 60 տարիներ առաջ սկսած աւանդութեան ծիրեն ներս երբ ֆԱՕ-ը` ՄԱԿի պարենամթերային եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութիւնը Հռոմի մէջ հաստատուեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.